Կը փորձեմ հաւատալ ես իմ մէջս
Կը փորձեմ ըլլալ ես իմ անձս
Բայց երբ լոյսերը մարին այս բեմին
Կը մնամ մինակ երբ բոլորը մեկնին
Կը փորձեմ գտնել իմ տունիս ճամբան
Կը փորձեմ ձգել իմ վախերս լման
Բայց երբ յիշեմ ով եմ եւ ուրկէ կուգամ
Ամպոտ աշխարհիս մէջ անխօս կը մնամ
Չեմ ուզեր մոռցուիլ
Չեմ ուզեր ջնջուիլ
Երազաներուդ մէջ պահէ ինձ հաճիս
Վազեցի...
Բաղնիքը, ով տեսաւ? Երբ կուլայի աղջիկի պէս
Դժուար է, քաջ ըլլամ Երբ կը վախնամ...
Կը փորձեմ սերով լեցնել կեանքս
Կը փորձեմ հաւատալ ես իմ սուտս
Չեմ կրնար այլեւս սիրել մէկուն
Միայն կուզեմ վեռադարնալ իմ տուն
Եւ դեռ կ'երգեմ տխուր երգերս
Կը դպնամ հուսահատ լարերս
Հանգիստութիւնը որ մարդոց կը բերէ
Ինծի ուրախութեամբ կը լեցնէ
Չեմ ուզեր մոռցուիլ
Չեմ ուզեր ջնջուիլ
Սիրտդ կտրուած պահէ, սիրելիս
Վազեցի...
Բաղնիքը, ով տեսավ? Երբ կուլայի աղջիկի պէս
Դժուար է, քաջ ըլլամ Երբ կը վախնամ պզտիկի պէս
Չեմ հասկնար ինչու կ'զգամ հարուածները դանակի պէս
Ամէն անգամ որ նայիմ կապոյտ աչքերը երկնքի պէս...